2015-08-16 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը` Յիսուս կեանքի հաց։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 16 օգոստոս 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որուն ընթացքին կատարած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներուն վրայ­, քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն­,  ուր Յիսուս կը խօսի կեանքի հացի մասին որ Ինքն է ու ներկայ է նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ։

<<Ով որ կը ճաշակէ իմ մարմինս եւ կը խմէ իմ արիւնս յաւիտեան պիտի ապրի  ու ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը>>։ Ասոնք եղան Յիսուսի խօսքերը որ գայթակղեցուցին ներկաները։ Այդ մարմինն ու արիւնը կը խորհրդանշեն Յիսուսի զոհաբերումը մեր փրկութեան համար ու անոնք ապա կը նոյնանան Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հետ։

Յիսուս ապա կը շարունակէ ըսելով <<Ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ խմէ իմ արիւնս իմ մէջս կը մնայ եւ ես Անոր մէջ>> ու այս կը պահանջէ մեր Այո-ն, մեր կամքը` որպէսզի հաղորդութեան մէջ մէկ դառնանք Անոր հետ, այս կը պահանջէ հաւատք ու հաւատքի արտայայտութիւն։

Շատ անագամ կը մտածենք թէ ի՞նչ բանի կը ծառայէ սուրբ պատարագը­, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու հաստատեց թէ Սուրբ Պատարագը պարզ ոգեկոչում չէ այլ  <<յիշատակութիւն>> է, իրողութիւն մը որ կ՛արդիականացնէ  ու այժմէական կը դարձնէ Յիսուսի մահուն ու յարութեան իրականութիւնը։ Հացը Անոր իսկական մարմինն է ու գինին Անոր մեզի համար հեղած իսկական արիւնն է։ Սուրբ հաղորդութիւնը նոյնինքն Յիսուսն է որ ամբողջութեամբ ինքզինք մեզի կը նուիրէ ։ Անորմէ սնանիլը ու անոր մէջ հաւատքով ապրիլը սուրբ հաղորդութեան միջոցաւ, մեզ կը կերպարանափոխէ ու մեր կեանքը կը դարձնէ Աստուածային պարգեւ։

Յիսուսի հետ հաղորդութեան մէջ ապրիլը, ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ­, անցք մըն է մահուընէ դէպի կեանք ու երբ այս աշխարհին համար մեր աչքերը փակենք վստահ կ՛ըլլանք որ վերջին օրը պիտի ունկնդրենք Յարուցեալ Յիսուսին ձայնը որ մեզ կը կանչէ ու մեր աչքերը պիտի բանանք սուրբերու մեծ ընտանիքին հետ ապրելու համար ցմիշտ.

Երկնքի մէջ մեզ արդեն կը սպասէ Մարիամ` մեր Մայրը, Ան մեզի համար ընդունի շնորհքը մշտապէս հաւատքով սնուցանուելու Յիսուսէն որ է կեանքի հացը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակելով։

Ապա խորհրդածութեան աւարտին  արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը հուսկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն  անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը ու հրաժեշտ առնելով անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն իրենց համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.